«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Անբասիր Հոգեւորականը` Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Ժե. Աղաճանեան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կարտինալ Աղաճանեան

Կարտինալ Աղաճանեան

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծանուն դէմքերէն է կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան: Անբասիր եւ սրբակենցաղ հոգեւորական, համեստ, քաղցրաբարոյ եւ առաքինի, գիտական բազմակողմանի հմտութեամբ եւ մտաւոր բարձր արժանիքներով օժտուած, անխոնջ աշխատող, անսակարկ մարդասէր եւ մարդկութեան բարօրութեան համար ինքզինք նուիրաբերած, ազգին համար եւ ազգութեան ճամբով համայն մարդկութեան զոհաբերութիւն մը եղաւ իր կեանքը:

Համաշխարհային համբաւի տէր կարտինալը չափազանց կարեւոր պաշտօններ վարած էր Վատիկանի մէջ եւ վստահութիւն պահանջող նուրբ առաքելութիւններու մէջ բացառիկ կարողութիւններ ցուցաբերած էր: Իր անձով ու վաստակով ան կը մարմնաւորէր քրիստոնէական սուրբ հաւատքի եւ մարդկայնութեան նուիրումի ամբողջութիւն մը:

***

Ղազարոս Աղաճանեան – ապագայ կարտինալը – ծնած է 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ: Նախահայրերը 1828-ի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն Կարինէն գաղթած էին Կովկաս: Փոքր տարիքին մահացաւ հայրը եւ փոքրիկ Ղազարոս եղբօր` Պետրոսի եւ քրոջ` Եղիսաբէթի հետ մնաց մօր` Իսկուհի Սարուխանեանի խնամքին տակ:

Նախակրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրին Կարապետեան վարժարանին մէջ: Կովկասի հայ կաթողիկէ կոչումներու յանձնախումբի տնօրէն հայր Սարգիս Տէր Աբրահամեան 1906-ին Ղազարոսը ուղարկեց Հռոմ, ուսումը շարունակելու համար Ուրբանեան համալսարանին մէջ: Փայլուն յաջողութեամբ աւարտեց ուսումնարանը եւ այնուհետեւ հմտացաւ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ:

23 դեկտեմբեր 1917-ին ձեռնադրուեցաւ քահանայ եւ վերակոչուեցաւ Ֆրանչիսկոս անունով:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին պատճառով մնաց Հռոմ եւ Լատերանեան համալսարանին մէջ հետեւեցաւ իրաւագիտութեան դասընթացքներուն:

1919-ին ստացաւ քաղաքական եւ եկեղեցական իրաւագիտական մասնագէտի վկայականը: Նոյն տարին վերադարձաւ Կովկաս եւ Թիֆլիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւը եղաւ: Եղաւ փոխ առաջնորդ եւ նոյն տարուան վերջաւորութեան դարձաւ առաջնորդ: Այցելեց հիւսիսային Հաայստան, ուր Ալիշանեան դպրոցը բացաւ, բայց խորհրդային իշխանութեան արգելքին պատճառով դպրոցը փակուեցաւ:

1921-ին Հռոմ կանչուեցաւ եւ իրեն վստահուեցաւ Հայ Եկեղեցական վարժարանի փոխ տեսուչի պաշտօնը: 1932-ին ան նոյն վարժարանին տեսուչը եղաւ: Միաժամանակ դասախօսի պաշտօն վարեց Պապական Աստուածաբանական վարժարանին մէջ:

1934-ին իբրեւ պապական նուիրակ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան այցելեց: 1935-ին վերադարձաւ եւ նոյն տարուան յուլիսին Քոմանայի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:

Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան պատրիարքի վախճանումէն ետք, 1937-ին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրուեցաւ, առնելով Գրիգոր Պետրոս անունը:

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարք նուիրուեցաւ իր համայնքին, շինելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ Զմմառի աղջկանց որբանոցը:

Պիոս ԺԲ. պապ 18 փետրուար 1946-ին զինք նշանակեց տիտղոսաւոր կարտինալ եւ ծիրանագոյն գլխարկ շնորհեց անոր:

Կարտինալ Աղաճանեան դարձաւ համաշխարհային համբաւի տէր հոգեւորական եւ այցելեց զանազան ցամաքամասեր:

Պիոս ԺԲ. պապ 1955-ին զայն նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրի պատրաստութեան յանձնախումբի նախագահ: 1958-ին պապը անոր վստահեցաւ Հաւատոյ տարածման միաբանութեան տեսուչի պաշտօնը:

1962-էն 1965, Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործօն մասնակցութիւն բերաւ եւ համակարգող յաձնախումբին անդամ եղաւ:

1962-ին հրաժարեցաւ պատրիարքութենէն եւ մնաց Հռոմ, Լեւոնեան վարժարանին մէջ:

Կեանքին վերջին տարիներուն կարտինալը անտրտունջ տոկաց զինք տառապեցնող սուր ցաւերուն: Ան իր աչքերը փակեց 16 մայիս 1971-ի երեկոյեան:

***

Կարտինալ Աղաճանեանի յուղարկաւորութիւնը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ

Կարտինալ Աղաճանեանի յուղարկաւորութիւնը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ

Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 21 մայիս 1971-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ: «Ազդակ», 22 մայիս եւ 7 յունիս 1971-ի թիւերով լայնօրէն անդրադարձած է յուղարկաւորութեան արարողութեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Խորէն Ա. վեհափառին յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան, որ իր կարգին «Ազդակ»-ին տրամադրած էր հայկական պատուիրակութեան Հռոմ այցելութեան եւ թաղման արարողութիւններուն մասնակցութեան մանրամասն պատկերը:

Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետին կարգադրութեամբ եւ հրահանգով, Համբարձման տօնին օրը, հինգշաբթի, 20 մայիս 1971-ին, Տաճատ եւ Արտաւազդ սրբազանները մեկնեցան Հռոմ: Նոյն օդանաւով հայ կաթողիկէ կղերի ու հաւատացեալներու խումբը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժոզեֆ Չատէրի մեկնեցաւ Հռոմ` իր վերջին յարգանքը մատուցանելու հանգուցեալին եւ մասնակցելու յուղարկաւորութեան:

Հռոմ հասնելէն ետք, անոնք ժամանեցին Լեւոնեան վարժարան, ուր հիւրընկալուեցան վարժարանի տեսչութեան կողմէ: Հոն էին նաեւ կաթողիկէ կղերին ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքին:

Նոյն օրը, ժամը 4:00-ին, թաղման արարողութիւնները սկսան Սուրբ Նիկողոս մատրան մէջ: Լատին եպիսկոպոսը կարդաց լատիներէն լեզուով հանգուցեալին կենսագրականը եւ գործունէութիւնը:

Երբ դագաղը կնքուեցաւ, թափօրով տարուեցաւ Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարը եւ զետեղուեցաւ յատուկ տեղ մը, խորանին առջեւ, գետինը, ըստ ազնուականներու թաղման կարգին մոմ մը վառուեցաւ, հոն եւս կատարուեցան (հայերէն լեզուով) թաղման կարգ մը արարողութիւններ:

Յաջորդ օրը, ուրբաթ 21 մայիսին, պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, լատինական ծէսով:

Կարտինալին քոյրը` Եղիսաբէթ Աղաճանեան

Կարտինալին քոյրը` Եղիսաբէթ Աղաճանեան

Ներկայ էին մօտաւորապէս 30 կարտինալներ, նոյնչափ եպիսկոպոս-արքեպիսկոպոսներ, զանազան միաբանութեանց ներկայացուցիչներ, մայրապետներ, վարդապետներ, հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական կազմի հիւպատոսներ եւ ներկայացուցիչներ:

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Նեժիպ Տահտահ ներկայ եղաւ դեսպանական պաշտօնական զգեստով, լամբակին վրայ անցուցած Պիոս Թ.ի կարգի Մեծ խաչի շքանշանը:

Դեսպանը մամուլի ներկայացուցիչներուն յայտարարեց. «Սուրբ Պետրոսի արարողութեան կը մասնակցիմ իբրեւ Վատիկանի դեսպան ու նաեւ ցաւակցութիւններ կը ներկայացնեմ յանուն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան»:

Դեսպանը աւելցուց. «Կարտինալ Աղաճանեան շատ ծանօթ եւ սիրուած դէմք մըն էր Հռոմի բոլոր շրջանակներուն մէջ: Տարիներ շարունակ, վարեց Հաւատոյ Տարածման միաբանութիւնը եւ տիրացաւ միջազգային համբաւի:

«Թէեւ Ռուսիա ծնած էր, Կովկաս, բայց, 1935-ին դարձած էր լիբանանցի: Հաւատարմութեան եւ անկեղծ սիրոյ փոխադարձ զգացումներ զինք կը կապէին իր նոր հայրենիքին»:

Լիբանան, բացի իր դեսպանէն, ներկայացուած էր նաեւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Չատէրի կողմէ, որ կը գլխաւորէր լիբանանեան մայրաքաղաքի հայ համայնքին պատկանող երեսուն հոգինոց պատուիրակութիւնը:

Թաղման արարողութեան ընթացքին, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան

Թաղման արարողութեան ընթացքին, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան

Ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, բազմաթիւ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները ներկայացնող եպիսկոպոսներ, հայ քոյրեր եւ Հռոմի հայ համայնքներուն անդամները, մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր արեւելեան եպիսկոպոսները, Եւրոպայի ուքրանացիներու առաջնորդ Ժան Պիւքօ, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր հայր Ներսէս Սէթեան` ուսուցիչներու եւ աշակերտներու պատուիրակութեամբ մը եւ Հաւատոյ տարածման միաբանութեան պատկանող բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնց 12 տարի, ղեկավարը եղած էր կարտինալ Աղաճանեան:

Սուրբ Հաղորդութեան պահուն, դէպի խորան յառաջացաւ քօղածածկ եւ սեւազգեստ Եղիսաբէթ Աղաճանեան, 77 տարեկան, քոյրը եւ հաւատարիմ ընկերուհին կարտինալին:

Բացառիկ կարգադրութեամբ մը, սուրիական կառավարութիւնը ղրկած էր Հռոմի իր դեսպանը, Հաֆէզ Ճամալին, որ տեղ գրաւած էր Վատիկանի եգիպտական դեսպան Սալահ Էլ Տին Մոհամետ Ուասֆիի կողքին:

Դագաղը, առանց որեւէ զարդարանքի, գետին դրուեցաւ Վատիկանի Մայր եկեղեցիին աջակողմեան թեւին վրայ, Սեն Փրոսէ եւ Մարթինիէն խորանին առջեւ: Դագաղը ծածկուած էր սպիտակ եւ ոսկեգոյն դրօշակով մը: Վրան դրուած էր բաց Աւետարան մը: Միայն մէկ մոմ կը վառէր:

Հանգուցեալին յաջորդը, կարտինալ Անճելօ Ռոսսի, պետական քարտուղար կարտինալ Ժան Վիյօ, ուքրանացի կարտինալ Ժոզեֆ Սլիփիժ, գլուխնին ծածկուած ճերմակ շղարշով մը, կը գտնուէին կարտինալաց դասուն անդամներուն հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, դագաղին առջեւ, կարճ աղօթք մը արտասանեց:

Պատարագը մատուցուեցաւ ափրիկեցիի մը կողմէ,  գեր. Պերնարտէն Քանթէն, որ Քոթոնուի նախկին արքեպիսկոպոսն է, եւ Հաւատոյ տարածման միաբանութեան օգնական քարտուղարը:

Արձակումը, յանուն Պօղոս Զ. պապին, տրուեցաւ պապական վարչութեան կարտինալ Ֆերնանտօ Չենթոյի կողմէ:

Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ լատիներէն, Սիքսթինեան մատուռին երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ գեր. Տոմենիքօ Պարթոլուչչիի:

***

Արարողութիւնը տեւեց մօտաւորապէս մէկ ժամ, որմէ ետք, հայկական ծէսով, դագաղը ուսամբարձ տարուեցաւ մեռելակառք եւ թափօրը վերադարձաւ Լեւոնեան վարժարան, ուր կը գտնուի Սուրբ Նիկողայոս մատուռը: Հոն կատարուեցաւ թաղման վերջին կարգը ու մեծ հանգուցեալը իջեցուեցաւ իր դամբարանին մէջ: Գերեզմանին կնքումէն ետք, թաղման կրօնական արարողութիւնը վերջ գտաւ:

Կիրակի օր, Սուրբ Նիկողայոս մատուռին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պատարագ: Պատարագեց եւ քարոզեց Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք:

Իսկ 20 մայիսին, չորեքշաբթի օր, մասնաւոր ժամադրութեամբ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, սրբազան քահանայապետին կողմէ ընդհանուր ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ: Եկեղեցին լեցուն էր այլազան ու այլալեզու հաւատացեալներով:

Պօղոս Զ. պապը ողջոյնի իր առաջին խօսքը ուղղեց հայերուն: Երբ հայերուն անունը տուաւ, ներկայ գտնուող հաւատացեալները սկսան ջերմօրէն ծափահարել:

Սրբազան քահանայապետը ողջոյնի յատուկ խօսք ուղղեց Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքին եւ իրեն ընկերացող եպիսկոպոսներուն, եւ ապա յատուկ կերպով յիշեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն հայրապետը, նոյնպէս յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսը: Եւ ապա, աւելցուց, ըսելով. «Հռոմի մէջ, ձեր ներկայութիւնը, մեզի համար մեծ սփոփանք մըն է այն փորձութեան մէջ, որ եկեղեցին հարուածեց մահովը կարտինալ Աղաճանեանի, որուն երկար կեանքը եկեղեցիին համար ծառայութեան եւ նուիրումի ճամբայ մը եղաւ: Անոր բարութիւնը, զարգացումը, հմուտ լեզուագէտի ձիրքը, լայն ծանօթութիւնները, մտքի եւ հոգիի արժանիքները, մա՛նաւանդ հովուական առաքինութիւնները զինք դարձուցած էին օրինակելի գործակից մը, որ եկեղեցիին ծառայելու համար չէր խնայեր իր առողջութիւնն ու ուժը: Պատմութիւնը պիտի ըսէ, թէ ի՜նչ կը պարտին իրեն քրիստոնեայ Հայաստանը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ իր ամբողջ եկեղեցին: Իր անձին յարգանք մատուցանելով, սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս, մեծարած կ՛ըլլանք ամբողջ Հայաստանեայց եկեղեցին»:

Ընդունելութեան արարողութիւնները տեւեցին մէկ ժամ, որմէ ետք, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն դուրս ելլելու պահուն ներկայ ժողովուրդը կը ծափահարէր ու կ՛ըսէր.-

«Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցե՛ն հայերը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES